2015-07-29 09:12:00

Յովհաննէս Ժ Պատրիարքի կոչը`''հաստատ մնալ մեր հողին վրայ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Անտիոքի յոյն օրթոտոքս պատրիարք` գերերջանիկ Յովհաննէս Ժ պատրիարքը  կոչ ուղղած է որուն մէջ կը նշուի ''Մեր աշխարհամասը մեծ դժուարութիւններու մէջ կը գտնուի, սակայն մենք քրիստոնեաներս յուսալքուած չենք, մեր հողին կառչած պիտի մնանք, խնամելու անոր վէրքերը ու վերակերտելու երկիրը''։ Անտիոքի յոյն օրթոտոքս պատրիարքը ներկայիս շրջապտոյտ մը կը կատարէ Ամերիկա` այցելելով Անտիոքի յոյն օրթոտոքս հաւատացեալները։

Յովհաննէսս Ժ պատրիարքը ցաւով յայտնած է որ ''մենք այդ հողին վրայ ունինք քահանաներ, վանականներ, կրօնաւորուհիներ ու նահատակներ, որոնց մեծ ոճիրն է քրիստոնեայ ըլլալը''։ Պատրիարքը կոչ ուղղեց ԱՄՆի իշխանութիւններէն օգնութեան հասնիլ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ըսելով ''մենք Արեւելք չծնանք գաղթական ըլլալու համար, մենք մեր հողին վրայ կը մնանք մեր սատարը բերելու Սուրիոյ վերակառուցումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.